Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարած է, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգերը համատեղելի են ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներուն հետ եւ վտանգ չեն ներկայացներ ՕԹԱՆ-ի համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ»-ը:
«Մենք կը կարծենք, որ «Էս-400»-ը եւ «Էֆ-35»-ը համատեղելի են: Անոնք («Էս-400»-ները) սպառնալիք չեն հանդիսանար ՕԹԱՆ-ի եւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն համար», ըսած է Չաւուշօղլուն Տաւոսի մէջ Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի ընթացքին:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ առաջարկած է ձեւաւորել ՕԹԱՆ-ի վերահսկողութեան տակ աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի ուսումնասիրէ այս հարցը:
«Էս-400» համակարգերու մատակարարման համաձայնագիրը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած էր Մոսկուայի մէջ ապրիլ 2017 թուականին: Անիկա Ռուսիոյ մեծագոյն արտածման համաձայնագիրն է ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրի մը հետ: