Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նկատել տրուեցաւ, որ Պէյրութն ու անոր շուկաները եւ հաստատութիւնները քանդելը դատապարտելի ու մերժելի է, ո՛վ որ ալ ըլլայ այդ աւերը գործողը կամ այդ աւերը գործելու համար հրահրողը:
Պէյրութի հրապարակները բաց են լիբանանցիներուն դիմաց` ազատ արտայայտուելու, մերժելու, ընդվզելու, նստացոյց կատարելու եւ խաղաղ ցոյցեր կատարելու:
«Մերժելի է, որ Պէյրութի հրապարակները վերածուին բախումի, վրէժխնդրութեան եւ սեփական ու պետական հաստատութիւններու քանդումի թատերաբեմերու», հաստատեց ան:
Հարիրի ընդգծեց, որ երբ Պէյրութի պաշտպանութեան շուրջ բոլորը համախմբուին եւ ուզեն Պէյրութը քաոսէ պաշտպանել, այն ատեն միայն վերջ տուած կ՛ըլլան մայրաքաղաքին դէմ նախապատրաստուող սադրանքին:
Ան դրուատեց լիբանանցի երիտասարդներուն ցոյցերը, որոնք Լիբանանը դուրս բերին համայնքային պատկանելիութեան մշակոյթէն եւ Լիբանանի հրապարակներուն վրայ հնչեցուցին միացեալ պահանջներ:
«Այս պատմական նուաճումը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններն ու ղեկավարութիւնները մէկդի դրաւ, հետեւաբար պէտք է պաշտպանել ու ամրապնդել զայն` առանց առիթ տալու, որ ան իյնայ համայնքայնութեան ծուղակը», շեշտեց Հարիրի:
Անդրադառնալով նորակազմ կառավարութեան` Հարիրի յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է անոր դէմ վճիռներ արձակելու` աւելցնելով սակայն, որ ժողովուրդին մօտ կայ իսկական ընդվզում, որ գիտակցութիւն կ՛ենթադրէ` յաջորդ փուլին ընթացքին պարզուելիք տնտեսական, ապահովական եւ ապրուստի վերաբերող վտանգներէն զգուշանալու առումով:
Նշենք, որ Հարիրի երէկ երեկոյեան քանի մը օրուան այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ: