Այսօր` հինգշաբթի, 23 յունուարին, կը սկսի Տուպայի 31-րդ միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 11 խումբերու: Անոնցմէ երեքը Լիբանանէն են:
Մրցաշարքին բացման առաջին օրը, այսօր, տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:
Ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբը կը մրցի, Ֆիլիփեան կղզիներու Մայթի Սփորթց խումբին դէմ:
Նշուեցաւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին հետ այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լիբանանի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Ֆետի Խաթիպ:
Իսկ ժամը 19:00-ին, մրցաշարքին գործող ախոյեանը` Ռիատի Պէյրութ կը մրցի Տուպայի ամերիկեան համալսարանի խումբին դէմ:
Վաղը կը կատարուին չորս մրցումներ, որոնց ընթացքին մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Պէյրութ եւ Հուփս:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գտնուող «Շապապ Ահլի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթ, 1 փետրուար: