Հայկական մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը իր ելոյթները աւարտեց 2020-ի ձմեռնային պատանեկան ողիմպիական խաղերուն:
Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) կատարուող այս խաղերուն Սպարտակ Ոսկանեան 10 քմ դասական ոճին մէջ, 79 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 68-րդ դիրքը:
Այս մրցումէն առաջ, ան 1,5 քմ արագ չմշկումին մէջ չէր կրցած լաւ արդիւնք արձանագրել զտումի հանգրուանին եւ գրաւած էր 78-րդ դիրքը:
Այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 70 երկիրներէ եկած 15-18 տարեկան մարզիկներ (շուրջ` 1880):