Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ դասուած է 3-րդ, ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-1, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք սերպ Ֆիլիփ Քրաժինովիչի դէմ: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 33 վայրկեան:
Սթեֆանոս Ցիցիփաս (Յունաստան, 6-րդ), առանց մրցում կատարելու, ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը` գերմանացի Ֆիլիփ Քոլսշրէյպըր, մրցումին չկրցաւ մասնակցիլ:
Աղջկանց Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 8-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս իր կարգին ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Թամարա Զիտանսեքի (Սլովենիա) դէմ:
Գ. հանգրուան հասաւ նաեւ 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ 6-1, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ճափոնցի Թացումա Իթոյի դէմ: