Յունաստանի նախագահ ընտրուած է երկրի Բարձրագոյն վարչական դատարանի նախագահ, 63-ամեայ Քաթերինա Սաքելարոփուլուն` դառնալով Յունաստանի պատմութեան մէջ առաջին կին նախագահը:
Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է խորհրդարանին մէջ` 22 յունուարի առաւօտուն:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ Սաքելարափուլուի ի նպաստ քուէարկած են 261 երեսփոխաններ, իսկ դէմ` 33 երեսփոխաններ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ ըստ երկրին սահմանադրութեան, նախագահը կ՛ընտրուի պաշտօնավարման հնգամեայ ժամկէտով: Անոր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ վարչապետը: Սակայն խորհրդարանական խմբակցութիւնները եւս կրնան իրենց թեկնածուները առաջադրել: Կանոնակարգը նախագահի թեկնածուին շուրջ քննարկում չ՛ենթադրեր:
Գործող նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի լիազօրութիւններուն ժամկէտը կ՛աւարտի 13 մարտին:
Յունաստանի նախագահի լիազօրութիւնները սահմանափակ են եւ հիմնականին մէջ ներկայացուցչական բնոյթ կը կրեն: Հիմնական իշխանութիւնը կը պատկանի վարչապետին: