Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, այսօր կը սկսի արագ ճատրակի Հայաստանի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ութակի ախոյեան Աշոտ Անաստասեանի յիշատակին նուիրուած այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 22-23 յունուարին:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական օրէնքին հիմամբ, ըստ ՖԻՏԷ-ի ճատրակի օրէնքներուն:
22 յունուարին տեղի կ՛ունենան 1-5-րդ հանգրուանի մրցումները, իսկ 23 յունուարին` 6-9-րդ հանգրուանները:
Այս տարի այս ախոյեանութեան կը մասնակցին` 42 խաղացողներ:
Մրցանակային հիմնադրամն է` մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար դրամ: