29 յունուարէն 1 փետրուար Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ԵՒՐՕ-2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Հայրենի կազմը երէկ` երեքշաբթի, 21 յունուարին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ սկսաւ մարզահաւաքի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 26 յունուար:
Նախապատրաստական այս հանգրուանին, 17 ֆութպոլիստներ իրենց փորձերը կը կատարեն` գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի: