Հայաստանի դահուկարշաւի հաւաքականի անդամ Միքայէլ Միքայէլեան իրեն համար առաջնահերթ կը նկատէ 23 տարեկանէն վար դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Ան ըսաւ, որ ինք ունի հիմնական նպատակներ, որոնցմէ մէկը` աշխարհի ախոյեանութիւնը:
23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելէ բացի, ան յոյս ունի նաեւ մասնակցելու եւ լաւ արդիւնք արձանագրելու նաեւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: