«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 14 ճակատումներ:
Արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց տարեշրջանի իր 39-րդ յաղթանակը (անիկա կրած է միայն 6 պարտութիւն)` 111-98 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Շիքակօ Պուլզը:
Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (28 կէտ, 14 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Իր կարգին, թէեւ թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Ռասըլ Ուեսթպրուք (32 կէտ, 11 ռիպաունտ, 12 էսիսթ), բայց անոր կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց, պարտուեցաւ իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն (112-107):
Պոսթընի մէջ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը դաշտին տիրոջմէն` Սելթիքսէն, 139-107 արդիւնքով:
Փորթլենտի մէջ, Պլէյզըրզ երկարաձգումէն ետք 5 կէտի տարբերութեամբ` 129-124 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: Յաղթական կազմէն Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 61 կէտ:
Թէեւ Թրայէ նշանակեց 42 կէտ, բայց անոր կազմը` Աթլանթա Հոքս, 122-117 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` գործող ախոյեան Թորոնթօ Ռեփթըրզէն:
Երէկուան մրցումներուն, երրորդ թրիփըլ տապըլը իրագործողը եղաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին մաս կազմող Պեն Սայմընս (34 կէտ, 12 ռիպաունտ, 12 էսիսթ)` Պրուքլին Նեթցի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (117-111):