«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան, հաղորդեց, որ իրանցի երեսփոխան մը խոստացած է 3 միլիոն տոլար վճարել անոր, որ կը սպաննէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
«Յանուն Քարման գաւառի ժողովուրդին, Թրամփը սպաննողին 3 միլիոն տոլարի պարգեւ պիտի վճարենք», ըսած է անանուն երեսփոխանը:
Նշենք, որ Քարման գաւառը Միացեալ Նահանգներու կողմէ սպաննուած զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի ծննդավայրն է: