Խորհրդածութիւններ, Հաստատումներ
Հայրենասիրութիւն
Բարդ բառ մը: Եւ շա՜տ սովորականացած: Եւ բառ մը, որ ունեցած է աներեւութացման եւ վերայայտնութեան շրջաններ:
Ոչ միայն հասկնալի, այլեւ որոշ չափով արդարանալի է, թէ դարեր տեւող դաժան լուծը հայուն մէջ աստիճանաբար ստուերոտեց եւ ի վերջոյ աներեւութացուց հայրենիքի ըմբռնումն ու անոր նկատմամբ սիրոյն հնչուն արտայայտութիւնը:
Կազմական տեսակէտէն, հայերէն «հայրենասէր» բառը չի նմանիր ուրիշ լեզուներէն շատերուն մէջ նոյն իմաստը բնորոշող բառերուն: Մեր ժողովուրդը եւս, մէկ քանի ուրիշ ժողովուրդներու նման, զայն բնորոշած է «սէր»-ով` երեւի խորհելով, թէ սիրել կը նշանակէ նուիրուիլ, զոհաբերել եւ, ի հարկին, զոհուիլ: «Ուխտապահութիւն»-ը, որ առաւելապէս Մամիկոնեաններով բնորոշուած է, իր մէջ ունէր, լռելեայն, զոհուելու այդ պատրաստակամութիւնը:
Մասնաւորապէս օսմանեան տիրապետութեան ներքեւ «հայրենասէր»-ը, իբրեւ բառ, փոխարինուած էր «ազգասէր»-ով:
Անհրաժեշտ ստորոգելիները ունեցող ազգ էինք: Բայց հայրենիք չունէինք` իբրեւ ոչ թէ պատմական, այլ փաստական գոյավիճակ` մե՛ր գերիշխանութեամբ:
Վիճելի ըլլալով հանդերձ «ազգի»-ի ըմբռնումը առանց պետականութեան, այդ բառը ընդհանրական բնոյթ էր ստացած մեր մէջ` հայ զանգուածին գոյավիճակը բնորոշելու տեսակէտէն: Ատկէ, նաեւ, «ազգասէր»-ը, որ ընթացիկ դարձած էր, եւ որ այժմ կ՛աներեւութանայ իր կարգին:
Հայ պետականութեան վերածնունդը, որ վերայայտնութիւնն էր վերստին սեփականացած հայրենիքին, թէեւ` համեմատաբար նուազ ծաւալով, իրեն հետ յայտնաբերեց «հայրենասիրութիւն»-ը: Զգացում մը, որ անթեղուած էր, անշուշտ, եւ որ, դէպքերուն հետ եւ անոնց զուգընթաց, աճեցաւ ու ծաւալեցաւ` վերջերս կրկին թեւ ու թռիչք առնելով:
Բայց եթէ հայրենասիրութիւնը միայն տրամադրութիւն չէ դէպի հայրենիքը եւ սէ՛ր է, պէտք է բնորոշուի կամ արդարանայ նաեւ նուիրումով ու զոհողութիւններով: Հայրենասիրութիւնը, մասնաւորապէս արտասահմանի մէջ, կ՛արդարացնէ՞ իր գոյութիւնը: Ըսել կ՛ուզեմ` ի՞նչ է նուիրումի եւ զոհաբերութեան չափը:
Պիտի հարցուի` ի՞նչ պէտք է կամ կրնայ ըլլալ այդ չափը` երբ մենք հեռու ենք հայրենիքէն եւ զուրկ` ուղղակի յարաբերելու կարելիութենէն եւ իրաւունքէն:
Եւ որովհետեւ հարցումի ձեւով տրուած կամ տրուելիք այս պարբերութիւնը, իբրեւ պատճառաբանութիւն, յառաջ կը քշուի կամ կրնայ քշուիլ, թէեւ ան իրականին մէջ, պատրուակ մըն է լոկ, երկրէն դուրս ապրող հայը ինքզինք զերծ կը նկատէ հայրենիքի հանդէպ պարտաւորութիւններէ:
Եւ իբրեւ հետեւանք ատոր` իր մէջ տեղ գտած է իւրայատուկ «հայրենասիրութիւն» մը, որ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ երկրին արդիւնքներովը խանդավառուելու ցանկութիւն կամ հոգեվիճակ, նուաճումները ծափահարելու այլեւս վարժութիւն դարձած եւ միայն ինքնաբաւարարութեան ծառայող ու ամուլ զգացողականութիւն:
Նոյն այդ իւրայատուկ «հայրենասիրութեան» ամէնէն շօշափելի արտայայտութիւնն է նահատակ գրագէտի մը իրը կամ ձեռագիրը, անուանի նկարիչի մը որեւէ մէկ նկարը, հնադարեան մէկ քանի դրամները տանիլ կամ ուղարկել Մատենադարան:
Ուշադրութեան արժանի է նաեւ այն պարագան, որ երկրի իշխանութիւնը, մղուած` աւելի շատ խորհրդայինին, քան Հայաստանի նկատմամբ համակրանքն ու գովասանքը ընդհանրացնելու եւ յեղյեղել տալու նախասիրութենէն, մամուլով թէ բերանացի ելոյթներով կը քաջալերէ այդ ձեւի «հայրենասիրութիւնը»: Եւ տասնամեակներէ ի վեր մէջտեղ դրած է էութեան մէջ անճիշդ եւ իր թողելիք տպաւորութեամբ վնասակար բանաձեւ մը: Ըստ այդ բանաձեւին, ո՛վ որ կը գովաբանէ, կը նկատուի «հայաստանասէր», իսկ դրականին քով նաեւ բացասականը մատնանշողը` «հակահայաստանեան»:
Իրարու հակադիր այս երկու որակումներէն առաջինը «հայաստանասէ՛րն» է, որ կարգ մը տարրերու մէջ շեշտած է անբովանդակ, թեթեւ եւ, կը կրկնեմ, ամուլ հայրենասիրութիւնը` զիրենք բերելով այն համոզման, թէ հայրենասէր ըլլալու համար կը բաւէ… ծափահարել դուրսէն կամ, այցելելով երկիր, գնահատանքի խօսքեր ըսել իրենց տրամադրուած ձայնասփիւռին առջեւ:
Այս բնորոշումը չի ժխտեր, անշուշտ, այն իրողութիւնը, թէ բոլոր անոնք, որոնք կը խանդավառուին հայրենիքով, անխտիր զուրկ չեն իրական ու ամբողջական հայրենասիրութենէն: Այլ կը վերաբերի մասնաւորաբար անոնց, որոնք ոչ թէ ներքին հրճուանքին իբրեւ արդիւնք, այլ իրենցմէ ակնկալուած կամ իրենց թելադրուած պարտականութիւն մը կը նկատեն իբր թէ հայրենիքին, բայց իրականին մէջ, իշխանութեան գովքը հիւսել: Համեմատաբար ամէնէն նուազ հայրենասէրն են անոնք: Որովհետեւ, ըլլալով նաեւ գաղափարակիցներ եւ, հետեւաբար, իրաւակարգին կողմնակիցներ, դիւրութիւններ կրնան ունենալ հայրենիք փոխադրուելու եւ իրենց ճիգերն ու կարողութիւնները տրամադրելու: Բայց կամովին խոյս կու տան զրկուելէ արտասահմանի մէջ իրենց ունեցած ապրուստի համեմատաբար լայն հնարաւորութիւններէն եւ հայրենիքի հանդէպ զոհողութենէն, եւ ի՜բր թէ «դուրսէն աւելի օգտակար» ըլլալու փուճ, անհիմն ու նաեւ անուղղամիտ պատճառաբանութեամբ մը կը շարունակեն մնալ միայն խօսքի ու ծափի ատակ «հայրենասէրներ»:
Մինչդեռ, երկրին մէջ, վերելքի եւ նուաճումներու այս շրջանին, երբ բոլոր մարզերուն համար ուժերու այնքան կարիք կայ, կեանքի պայմանները համեմատաբար աւելի տանելի են, քան առաջ, հնարաւոր դարձած է «շնչել», եւ մասնաւորապէս մտաւոր պատրաստութեան տէր ուժերու համար հնարաւորութիւններ եւ գոհացուցիչ պայմաններ կը տրուին, շարունակել դուրսը մնալ եւ անտարբեր ու խուլ ձեւանալ իրական հայրենասիրութեան հանդէպ` վերաբերում մըն է, որ ենթակաները կը զրկէ ոչ միայն հայրենասէրի, այլեւ հայ մարդու արժանիքներէն:
Արտասահմանի «հայրենասիրութիւնը» կը տառապի երկու տիպի այս «հայրենասէրներու» այլեւս կաղապարուած գոյութիւններէն, որոնց համար հայրենիքը վերածուած է անձնական ներքին բաւարարութիւններու ծառայող իրողութեան, իսկ «սէր»-ը` լոկ գովաբանելու եւ ծափահարելու վարժութեան մը:
ԴԷՏ
Ճշգրիտ Տեղեկութիւններ Նժդեհի
Մահուան Եւ Գերեզմանին Վերաբերեալ
Վերջերս, դէպի Խորհրդային Միութիւն իր այցելութեան առիթով, Յովակիմ Խուշպուլեան հոն յաջողած էր ձեռք բերել յեղափոխական աննկուն մարտիկ Գարեգին Նժդեհի գերեզմանին նկարը եւ քաղել ստոյգ տեղեկութիւններ` անոր եւ ընտանեկան պարագաներու մասին:
Նժդեհ բանտարկուած էր Մոսկուայի մօտ գտնուող Վլատիմիր քաղաքի բանտին մէջ:
1955-ի հոկտեմբերի երկրորդ կէսին Նժդեհի քոյրն ու եղբօրորդին յաջողած էին զայն տեսնելու թոյլտուութիւն ստանալ: Նժդեհ բացարձակապէս չէր գանգատած բանտային իր կեանքէն: Ու բանտի վարչութիւնը զինք իբր թէ զերծ կացուցած էր պարտադիր աշխատանքէ: Նոյնիսկ, ընդառաջելով անոր խնդրանքին, գրիչ եւ թուղթ մատակարարուած էր` թոյլատրելով, որ միշտ գրելով զբաղի:
Սակայն այցելուները կրած էին այն տպաւորութիւնը, թէ Նժդեհ զգալով, որ այլեւս փրկութիւն չկայ իրեն համար, յուսաբեկ, համակերպած էր բանտային կեանքի պայմաններուն:
Քրոջ եւ եղբօրորդւոյն մեկնելէն ետք, հազիւ ամիս մը անցած, 1955 նոյեմբեր 21-ին Վլատիմիր քաղաքի Բանտային վարչութեան մէկ հեռագիրը գուժած էր Գարեգին Տէր Արութիւնեանի (Յարութիւնեան) մահը:
Եղբայրը, միայնակ, փութով մեկնած էր Վլատիմիր: Կատարած էր թաղումը:
Գերեզմանը ցանկապատել տուած եւ տախտակի մը վրայ ռուսերէնով գրել տուած էր` «ՏԷՐ ԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՂԻՇԵՒԻՉ» (1886-1955):
Նժդեհի բոլոր իրերը, բացի գրութիւններէն, յանձնած էին եղբօրը: Կինը շատոնց մեռած էր Պուլկարիոյ մէջ:
Ամիսներ առաջ մեռաւ նաեւ եղբայրը: Եւ երկար ժամանակ է` տեղեկութիւն չկայ զաւկէն, որ Պուլկարիա կ՛ապրէր:
Նժդեհի մահուան թուականը շուտով պիտի փորագրուի «Հայաստան քէմփ»-ի մէջ կանգնեցուած իր արձանին վրայ:
Տուի այս տեղեկութիւնները լրիւ` առանց խորհրդածութեան: Մնացեալը կը թողում ընթերցողներուն…
Ն. ԿԱՂԻՆԵԱՆ
Մոնթեպելլօ