Կիրակի, 19 յունուարին, լիբանանցի չորս իրաւարարներ Հիւսէյն Ապու Եահիա (կեդրոնի իրաւարար), Սամեր Պատըր, Ռապիհ Օմայրաթ (կողմի) եւ Ալի Ռիտա (չորրորդ իրաւարար), մեկնեցան Թաշկենտ (Ուզպեքիստան), ուր տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցում մը:
Անոնք պիտի ստանձնեն Լոքոմոթիւ (Ուզպեքիստան) – Իսթիքլալ (Տաճիկիստան) մրցումին իրաւարարի պաշտօնը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 21 յունուարին, Ուզպեքիստանի մայրաքաղաքին մէջ:
Լիբանանցի իրաւարարները պիտի փորձեն արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը` նկատի ունենալով, որ կը նկատուին միջազգային փորձառութիւն ունեցող իրաւարարներ: