Լիբանանեան Անսար ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յունուար ամիսէն սկսեալ ակումբին մաս կազմող բոլոր ֆութպոլիստները, մարզիչներն ու թեքնիք յանձնախումբի անդամները իրենց աշխատավարձերը պիտի ստանան անցեալին նման` սովորական ձեւով:
Այս կարգադրութիւնը բնականաբար նախատեսուած է բոլոր անոնց համար, որոնք խումբին հետ կը կատարէին իրենց սովորական փորձերը: Ինչ կը վերաբերի այդ փորձերէն բացակայած մարզիկներուն, այդ առնչութեամբ ակումբը յառաջիկային այլ յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ:
Սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ անոնք իրենց աշխատավարձերը լիբանանեան ոսկիո՞վ պիտի գանձեն, թէ՞ ամերիկեան տոլարի տարբերութեամբ: