Եռօրեայ պայքարէ ետք, կիրակի, 19 յունուարին իր աւարտին հասաւ Հայաստանի դահուկարշաւի, մեծերու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը:
Տղոց 10 քմ ազատ ոճի մրցումին, 28′ 30″ 8 արդիւնք մը արձանագրելով, ախոյեան հանդիսացաւ Միքայէլ Միքայէլեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Թադէոս Պօղոսեան (29′ 57″ 9) եւ զուիցերիացի Ատրին Շելենպերկ:
Իսկ աղջկանց պարագային ախոյեան հանդիսացաւ Քաթիա Գալստեան, որ 5 քմ-ի մրցումին արձանագրեց 16′ 56″ 5 արդիւնք մը: Երկրորդ հանդիսացաւ Անգելինա Մուրատեան (21′ 57″ 4), իսկ երրորդ` Վարսենիկ Աւետիսեան (22′ 04″ 7):
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 30 մարզիկներ:
Բ. հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 7-9 փետրուարին, դարձեալ Աշոցքի մէջ: