Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` 20 յունուարի կէսօրին, Պաապտայի պալատին մէջ հրաւիրեց ապահովական ժողովի մը, որուն մասնակցեցան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, ընդհանուր դատախազի տեղակալը, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի գրասենեակի նախագահ գնդապետ-զօրավար Մինահ Սաուայա: Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյր եւ հանրապետութեան նախագահի զինուորական խորհրդատու գնդապետ-զօրավար Փոլ Մաթար:
Ժողովին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց այն ջանքերը, որոնք ի գործ դրուեցան զինուորական եւ ապահովական ուժերուն կողմէ` Պէյրութի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ նախորդ շաբաթ արձանագրուած դէպքերուն ընթացքին: Ան կոչ ուղղեց` խաղաղ ցուցարարներուն եւ խռովութիւն յառաջացնող տարրերուն միջեւ տարբերակում դնելու:
Ապա ժողովականները հետեւեցան ապահովական կառոյցներու պետերուն կողմէ պատրաստուած մանրամասն տեղեկագիրներուն` լիբանանեան ապահովական ընդհանուր կացութեան եւ այն գործողութիւններուն մասին, որոնք որդեգրուեցան` դէմ դնելու համար ցուցարարներուն մէջ յայտնուող եւ խափանարարութիւններ ընողներուն, որոնց տարբեր խմբակներու անդամ ըլլալն ալ արդէն ճշդուեցաւ:
Քննարկումներէն ետք որոշուեցաւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել խաղաղ ցուցարարները, արգիլել սեփական եւ պետական կառոյցներու քանդումն ու անոնց վրայ յարձակումները, դատական կառոյցներուն հետ գործակցաբար անհրաժեշտը տնօրինել այն խմբակներուն հաշուոյն, որոնք խափանարարութիւններու եւ խռովութիւններու կը դիմեն: Որոշուեցաւ նաեւ աւելի սերտ համագործակցութիւն ստեղծել ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ գետնի վրայ լաւագոյնս գործադրել այն որոշումները, որոնք տրուեցան ժողովին ընթացքին:
Նախագահ զօր. Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններ:
Դեսպան Զասիփքին հանդիպումէն ետք դիտել տուաւ, որ ծանօթացած է նախագահին տեսակէտին ու կեցուածքին` Միջին Արեւելքի եւ տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն առնչութեամբ: «Նախագահ Աունին փոխանցեցի նաեւ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն փափաքը` Լիբանանի մէջ կացութիւնը բարելաւուած տեսնելու, եւ հաստատեցի, որ Ռուսիա զօրակից է Լիբանանին եւ անոր բարեկամ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան, յատկապէս ներկայի շատ դժուար կացութեան մէջ», դիտել տուաւ դեսպանը:
Քննարկումի նիւթ եղան նաեւ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները եւ անոնց միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առնչութեամբ, մանաւանդ որ Ռուսիա եւս կը զօրակցի այդ տունդարձին: