Շաբաթ, 18 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, անդամներ Վիգէն Աւագեան, Թալին Օրտողլեան եւ Մանուկ Քէօշկերեան, այցելեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ: Այցելութեան ներկայ գտնուեցաւ Գէորգ արք. Խազում:
Այցելութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց միութեան ԺԲ. Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին ընդհանուր տրամադրութիւնները եւ յառաջիկայ քառամեակի գլխաւոր ծրագիրներն ու ձեռնարկները:
Ամենապատիւ տէրը իր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած գործունէութեան համար, մօտէն հետաքրքրուեցաւ նորակազմ գաղութներու մէջ միութեան կատարած աշխատանքներով եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան ծրագիրներուն:
Այցելութիւն Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատուն
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ դեսպանատան քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանի հետ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ դեսպան Աթաբէկեանի հետ խորհրդակցելու ՀՄԸՄ-ի` Հայաստանի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն եւ այս ամառ միութեան Հայաստան մուտքը նշող 100-ամեակի ձեռնարկին, բանակումին եւ անոնց ընկերացող համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 8-րդ համագումարին մասին:
ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն քաջածանօթ մը ըլլալով` դեսպան Աթաբէկեան մեծապէս դրուատեց միութեան դերը` նորահաս սերունդներու կազմաւորման եւ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումին մէջ: Ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման նպաստող ՀՄԸՄ-ի բոլոր նախաձեռնութիւններուն աջակցութեան` մաղթելով, որ միութիւնը անխափան շարունակէ իր ազգանուէր գործունէութիւնը` հակառակ հայ կեանքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: