Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 18-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ուշագրաւ եղաւ Պորուսիա Տորթմունտի նորեկ ֆութպոլիստին` Էրլինկ Հաալանտի կատարած մրցումը` նկատի ունենալով, որ Օկզպուրկի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (5-3) ան իր նորամուտը նշեց հեթրիքով (59-րդ, 70-րդ եւ 79-րդ):
Պայէրն Միւնիխ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Հերթա Պերլինի դաշտին վրայ, մինչ Լայփցիկ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր հիւրին` Իւնիոն Պերլինի դէմ: