Սուրիական բանակը ետ մղեց Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանի Հալպան գիւղի ճակատին դէմ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն բուռն յարձակումը:
Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրան սուրիական բանակին դիրքերուն, մասնաւորաբար բանակին վերջերս ազատագրած Թալ Խաթրայի դիրքերուն դէմ հրթիռներ արձակած է:
Սուրիական բանակը բախում ունեցած է Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն հետ եւ ձախողութեան մատնած անոնց ներթափանցման փորձը` անոնց պատճառելով մեծ կորուստներ:
Սուրիական եւ ռուսական ուժերը շաբաթ օր ռմբակոծեցին Ժապհաթ Նուսրայի Հալէպի արեւմուտքը գտնուող դիրքերը, իսկ սուրիական բանակը ուժեղ կերպով ռմբակոծեց Հալէպի արեւմտեան գիւղական շրջանի Մաարաթ Արթիք, Թալաթ Շուէյհանէ շրջաններուն մէջ Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը:
Նշենք, որ սուրիական բանակը վերատիրացաւ Իտլիպ քաղաքին հարաւարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Նուէյհա Շարքիա եւ Նուէյհա Ղարպիա գիւղերուն` սպաննելով 30 զինեալներ եւ քանդելով բազմաթիւ մեքենաներ: