Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ հայկական ֆութպոլի անցեալի անուանի աստղերէն Խորէն Յովհաննիսեան պիտի նշանակուի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի խորհրդական:
Թէեւ Յովհաննիսեան իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր ֆետերասիոնին նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն մետասաներորդ պահուն յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արմէն Մելիքբէկեանին, որ ընտրուեցաւ նոր նախագահ:
Այլ գետնի վրայ, Մելիքբէկեան եւ Յովհաննիսեան, ընկերակցութեամբ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արմէն Նիկողոսեանին եւ ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի անդամ Աննա Թադէոսեանին, այցելեցին Գեղարքունիքի մարզ, ուր հինգ բնակավայրերու մէջ պիտի բացուին 20×40 մեթր չափով խաղադաշտեր:
Հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն, առաջին խաղադաշտը բացուեցաւ Ծովագիւղի, ապա` Լճաշէնի մէջ, ուր երեխաները այսուհետեւ կարելիութիւն պիտի ունենան խաղալու եւ մարզուելու լաւ խոտածածկով խաղադաշտի վրայ:
Այս նախաձեռնութիւնը կ՛իյնայ ֆետերասիոնին կողմէ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ ֆութպոլի տարբեր տեսակի մարզադաշտեր կառուցելու ծրագիրին մէջ: