Ինչպէս ծանօթ է, բազմաթիւ ակումբներ չուզեցին իրենց մասնակցութիւնը բերել Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին հետ իր գումարած ժողովէն ետք յայտարարած էր, որ Ա., Բ. եւ Գ. դասակարգերու ախոյեանութիւններուն մասնակցիլը այս տարեշրջանին ստիպողական չէ:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցիլ չուզող խումբերէն եղան Նըժմէ, Շապապ Սահել եւ ուրիշներ:
Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, թէ ակումբին` ախոյեանութեան չմասնակցիլը չի նշանակեր, որ անիկա նիւթականի հարցին պատճառով է:
Ան ըսաւ, որ բոլոր ֆութպոլիստներն ալ իրենց աշխատավարձերը պիտի գանձեն, նոյնիսկ եթէ խումբը չմասնակցի ախոյեանութեան:
Ներկայ դրութեամբ անոնք պիտի ստանան կէս ամսական, իսկ մնացեալ կէսը պիտի գանձեն, երբ երկիրը վերագտնէ իր բնականոն կեանքը:
Նոյնը պիտի կատարէ նաեւ Շապապ Սահել, եւ ակումբին մաս կազմող բոլոր մարզիները եւ մարզիչները պիտի գանձեն իրենց աշխատավարձերը, մինչեւ յառաջիկայ ապրիլ:
Ապրիլ ամիսը նշուեցաւ, որովհետեւ եթէ ախոյեանութիւնը ընթանար սովորական ձեւով, անիկա այդ ամսուան վերջը պիտի աւարտէր: