«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, արեւելեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց իր 36-րդ յաղթանակը, երբ 128-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին:
Պաքսէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 37 կէտ:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ 128-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Յաղթական կազմէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 43 կէտ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ 124-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալաս Մավըրիքսէն:
Թէեւ Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 41 կէտ, սակայն անոր կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց պարտութիւն մը կրեց Մեմֆիս Կրիզլիզի դաշտին վրայ` 121-110 արդիւնքով:
Աթլանթա Հոքս 123-110 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին: Յաղթական կազմէն Թրայէ Եանկ նշանակեց 36 կէտ, մինչ Սանզէն Տեւին Պուքըր` 39 կէտ: