Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ անոնց ունեցած հետեւանքները` զբօսաշրջութեան մարզին վրայ:
Նախարար Կիտանեան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց 17 հոկտեմբեր 2019-էն առաջ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած արդիւնքները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Անթուան Փանօ, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ հանրապետութեան նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ժարժուրա Հարտան, որ նախագահ Աունին ներկայացուց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ապագայ ծրագիրները: