Երէկ` երեքշաբթի, 14 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց 2020-ի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեան Արման Փաշիկեան, որ արձանագրած էր երկու յաղթանակ, կրեց իր առաջին պարտութիւնը` Սամուէլ Տէր Սահակեանէն եւ նահանջեց երկրորդ դիրք` իր տեղը զիջելով նոյնինքն Տէր Սահակեանին, որ ունեցաւ 2,5 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, այս հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին Նարէ Առաքելեան եւ Մարիա Գէորգեան:
Յառաջատարը մնաց անփոփոխ` Սուսաննա Գաբոյեան, որ ունի 2,5 կէտ: