Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ասթանայի հետ, յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ Բարսեղեան իր նոր ակումբին հետ պիտի մեկնի Փորթուգալ` այդտեղ տեղի ունենալիք ուսումնամարզական հաւաքին մասնակցելու համար:
Անոր ստորագրած պայմանագրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չհաղորդուեցաւ:
Նախապէս Բարսեղեան մաս կը կազմէր ղազախական այլ կազմի մը` Քայրաթին, որուն հետ 29 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 14 կոլ: