Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս կոչ ուղղեց` «Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ ապահովական գործակցութեան եւ ծովային շրջաններու սահմանագծումին վերաբերեալ համաձայնութիւնը անօրինական նկատելու»:
«Միջերկրական ծովու եզրին գտնուող այդ երկրին մէջ խաղաղութեան կողքին մեզի համար կարեւոր է նաեւ այսպէս կոչուած երկու յուշագիրներու չեղեալ ճանաչումը, եւ շրջանին մէջ մեր աշխատանքին նպատակը ատիկա իրագործելն է», ըսաւ ան:
Յունական դիւանագիտութեան պետը Աթէնքի մէջ իր կիպրացի պաշտօնակից Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ մտադիր է այդ հարցը աւելի ուշ քննարկել Մարոքի, Ալճերիոյ եւ Թունուզի ղեկավարներուն հետ:
«Անգարայի եւ Թրիփոլիի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքն ու Միջերկրականի շրջանի երկիրներու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ կը քայքայէ Լիպիոյ ու ընդհանրապէս շրջանին կացութիւնը», ըսաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը: