Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու ընդհանուր համակարգող Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը` երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական իրադարձութիւններուն, յատկապէս ժողովրդային շարժումի բողոքի ցոյցերուն լոյսին տակ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան թղթածրարները, յատկապէս այն ծրագիրները, որոնց պարագային ՄԱԿ կը զօրակցի Լիբանանին, ինչպէս` քաղաքապետարաններու, տարբեր տեսակի ծառայութիւններու եւ բարգաւաճման վերաբերող ծրագիրներ:
Լազարինի շեշտեց, որ ՄԱԿ անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա պէտք է ամէնէն մօտիկ ապագային կազմել, որպէսզի Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային ծանր ճգնաժամին վերջ դրուի: