ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դրական շրջան մըն է բոլոր մարզերուն համար: Հաճելի անձնաւորութեան մը հետ լաւ ժամանակ պիտի անցընէք: Առիթը մի՛ կորսնցնէք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մի՛ ուշանաք կատարելու ձեր վրայ դրուած պարտականութիւնները: Խիստ միջոցներ որդեգրելու պէտք չունիք: Բախտը ձեր կողքին է: Յաջող շրջան մը պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ: Պիտի ուրախանաք ձեր հարցերուն լուծումով: Յարմար շրջան է` ձեր սխալները սրբագրելու: Աշխատեցէք չհակառակիլ ձեր շրջապատի կարծիքներուն: Օժանդակութիւն խնդրեցէք, եթէ իսկապէս պէտք ունիք անոր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Դրամական հարց մը պիտի լուծէք: Կարեւոր շրջան մըն է` որոշումներ տալու: Ուշադիր եղէք ձեր ապագայ եւ ներկայ կացութեան նկատմամբ: Պէտք եղածին չափ հանդարտ չէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր անձնական կեանքին մէջ ճնշումները պիտի յոգնեցնեն ձեզ: Մի՛ սպասէք համագործակցութիւն ուրիշներէն: Ձեր պարտականութիւնները պիտի շատնան: Աշխատանքային ճամբորդութին մը պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի յաջողիք փոփոխութիւն մտցնել ձեր կեանքին մէջ: Պատրաստ եղէք ամէն ինչի: Բաւարար ժամանակ պիտի չունենաք հանգիստի, բայց պիտի յաջողիք յաղթահարել դժուարութիւնները:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ժամանակ տրամադրեցէք` վերատեսութեան ենթարկելու ձեր հաշիւները: Պայմանները կրնան ձեզ յուսահատեցնել, բայց դուք զօրաւոր եղէք: Անակնկալ առիթ մը պիտի տրուի ձեզի` շարունակելու ձեր ուսումը կամ ճամբորդութիւն մը կատարելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր կամքը քննութեան պիտի ենթարկուի: Դուք ձեզի նոր կացութեան մը առջեւ պիտի գտնէք: Խրթին ու դժուար պայմաններ պիտի ունենաք: Ձեր բնաւորութիւնը փոփոխական եւ միտքերը տարանջատուած պիտի ըլլան այս շրջանին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք եւ ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Նիւթական դժուարութիւններ պիտի նեղացնեն ձեզ: Մէկու մը օգնութիւնը պիտի խնդրէք պարտականութիւնը մը կատարելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ եւ մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Պիտի մասնակցիք խմբային աշխատանքի մը` բարեսիրական ընկերութեան մը մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հեռաձայնային կապերը, ժողովները եւ գործունէութիւնները պիտի շատնան: Ձեր կեանքի իրադարձութիւնները պիտի փոխուին: Հանգիստի եւ ժամանցի ժամանակ պէտք է տրամադրէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը եւ ժամադրութիւնները: Մի՛ տկարանաք ճնշումի դիմաց: Դրականապէս պիտի փոխուին պայմանները, մանաւանդ` անձնական եւ զգացական գետնի վրայ: