Ռուսիան եւ Գերմանիան կը զօրակցին իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած համաձայնագիրի գործադրութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հանդիպումի ընթացքին նշած է, որ Իրանի հետ հաշուարկներու մեքանիզմը վերջապէս պէտք է գործարկուի:
«Իրանցիները իրաւունք ունին իրենց յոյսերը դնելու աջակցութեանը վրայ եւրոպական երկիրներուն, որոնք խոստաած էին տոլարէն անկախ յատուկ ելեւմտական մեքանիզմ մը ստեղծել Իրանի հետ առեւտուրի մէջ հաշուարկներ կատարելու համար: Պէտք է առեւտրական փոխանակումներու համար դրութիւնը ի վերջոյ սկսի աշխատիլ», ըսած է Փութին:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ շարք մը այլ հարցերու, որոնց շարքին` մինսքեան համաձայնագիրներու իրականացման:
Փութին ընդգծած է, որ անոնց իրագործումը Ուքրանիոյ իրավիճակի կարգաւորման միակ հիմքն է: Փութինի համաձայն, Պերլինը եւս համաձայն է այդ կարծիքին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մերքել եւ Փութին անդրադարձած են նաեւ միջազգային օրակարգի այլ կարեւորագոյն հարցերու, ինչպէս օրինակ` Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակներուն:
Փութին յայտարարած է, որ եթէ Լիպիոյ մէջ ռուս վարձկաններ կը գործեն, ապա անոնք չեն ներկայացներ ռուսական պետութեան շահերը եւ Ռուսիայէն գումար չեն ստանար:
Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցը քննարկելու ընթացքին կողմերը կիսած են այն միտքը, որ տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն քաղաքական միջոցներով` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւին համապատասխան:
Բանակցութիւններու աւարտին կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին երկու ղեկավարները պատասխանած են «Հիւսիսային հոսք 2» կազի խողովակաշարի մասին հարցումներուն:
Փութին համոզում յայտնած է, որ Ռուսիան պիտի կարենայ սեփական ուժերով աւարտին հասցնել կազի խողովակաշարին կառուցումը: Մերքել, իր կարգին, դէմ արտայայտուած է կազատարին դէմ Միացեալ Նահանգներուն հաստատած պատժամիջոցներուն` նախագիծը կոչելով առեւտրական: