Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի ընդունի Լիբանանի դիւանագիտական անձնակազմը` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի:
Դիւանագիտական անձնակազմին մաս պիտի կազմեն Լիբանանի մէջ արաբական եւ օտար երկիրներու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն դեսպանները:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Ազգային երկխօսութեան կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի նշեց, որ նախագահ Աունին կատարած իր այցելութիւնը շնորհաւորութեան բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ Նոր տարուան առիթով իր բարեմաղթութիւնները յայտնած է նախագահ Աունին:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆատի Ապպուտ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:
Նշենք, որ նախագահ Աուն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապը գործուղեց Մասքաթ, որպէսզի իր անունով ցաւակցութիւն յայտնէ Օմանի սուլթան Քապուս պըն Սայիտի մահուան առիթով, ինչպէս նաեւ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցէ նոր նշանակուած սուլթան Հայսամ պըն Թարեք պըն Սայիտին:
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորութիւններ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըրէն եւ վարչապետ Անկելա Մերքելէն: