Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկիրը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կարելի չէ երկիրը անդունդն ի վար գլորուելու այս վիճակին մէջ ձգել:
«Այս փուլին համար նուազագոյնը անհրաժեշտ է ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքի աշխուժացումը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւնը կազմել», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք վարչապետ Հասսան Տիապին առաջարկած է ճարտարարուեստի մարզի փորձագէտ Ուալիտ Ասսաֆի անունը` իբրեւ տիւրզի նախարար` աւելցնելով, որ երկրին փոխանցման փուլը պէտք է սկսի ընտրութիւններով:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք հաստատած են, թէ իբրեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւն` կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն, սակայն կարելի չէ տիւրզի համայնքը ջնջել, պարզապէս որովհետեւ կուսակցութիւն մը կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան նոր կազմուելիք կառավարութիւնը, որովհետեւ ան կատարած է պետական ամավարկը եւ շուկաներուն յոյս ներշնչած է` դուրս գալու համար իրենց դիմագրաւած տնտեսական տագնապի օղակէն:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ ինք նախանցեալ օր հետեւած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառին` աւելցնելով, որ ան անդրադարձած է, թէ ոմանք Դիմադրութիւնը ծաղրելու եւ նուաստացնելու համար «մերժողական» բառը կ՛օգտագործեն: «Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին Դիմադրութիւնը չենք նսեմացուցած, եւ եթէ «մերժողական» եզրը, որ գոյատեւումի եւ դիմադրութեան գագաթնակէտը ըլլալու նշանակութիւն ունի, վարկաբեկիչ կը նկատուի Դիմադրութեան անդամներուն եւ հետեւորդներուն համար, ապա զայն յետս կը կոչեմ: Սակայն սէյիտ Նասրալլա պէտք է հասկնայ, որ ես այլեւս չեմ ըմբռներ, թէ ո՛վ դիմադրող է եւ ո՛վ դիմադրող չէ` էական դիտողութիւն մը կատարած ըլլալու համար», եզրափակեց Ժոմպլաթ:
Պըրրի. «Հասսան Տիապին Համաձայն Եմ,
Սակայն Կը Մերժեմ, Որ Ան Կաշկանդէ Զիս»
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական այնպիսի տագնապ մը, որ իր արդի պատմութեան ընթացքին չէ վկայած, նոյնիսկ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան, ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւին, կամ 8 եւ 14 մարտի քաղաքական ուժերու ուղղահայեաց երկփեղկումին ընթացքին:
«Լիբանան բազմաթիւ տագնապներ դիմագրաւեց եւ բոլորն ալ անցուց, սակայն եթէ այս իրավիճակը շարունակուի, ապա մօտիկ ապագային ան շատ աւելի վտանգաւոր պիտի դառնայ», ըսաւ ան:
Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը փափաքի տեսնել կառավարութիւն մը, որ կը պայքարի փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւն մը, որուն կարողութիւնները կը փրկեն Լիբանանը:
«Վարչապետ Հասսան Տիապին համաձայն եմ, սակայն կը մերժեմ, որ ան կաշկանդէ զիս եւ ինքզինք: Եթէ ան չ՛ուզեր իմ կողքիս քալել, ես կը քալեմ անոր կողքին: Կը փափաքիմ, որ Լիբանան ունենայ նոր կառավարութիւն մը, անկախ թէ ի՛նչ կը կոչուի այդ կառավարութիւնը: Իսկ քաղաքական կառավարութեան մը կազմութիւնը մերժած եմ», ըսաւ ան:
Պըրրի հաստատեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը պիտի քուէարկէ յօգուտ նոր կազմուելիք կառավարութեան` առանց անոր մաս կազմելու, իսկ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը մինչեւ վերջին վայրկեան իր աշխատանքները պէտք է կատարէ:
Անդրադառնալով տնտեսական տագնապին` Պըրրի շեշտեց, որ տնտեսական տագնապի վատթարացման 50 առ հարիւրը զուտ քաղաքական պատճառներով է:
Նշենք, որ Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ եւ Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ: