«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրը եղաւ Օքլահոմա Սիթիին, կրեց 113-92 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռոքեթցէն Ռասըլ Ուեսթպրուք (34):
Տիթրոյիթի մէջ, Փիսթընզ երկարաձգումէն ետք երեք կէտի տարբերութեամբ, պարտուեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզէն` 115-112 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Թրիսթըն Թոմսըն նշանակեց 35 կէտ:
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 109-98 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պոսթըն Սելթիքսին: Այս վերջինէն Քեմպա Ուոքըր նշանակեց 26 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Մինեսոթա Վուլվզ 116-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ) նշանակեց 20 կէտ:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք լաւագոյն խումբը կը հանդիսանայ Միլուոքի Պաքս (33 յաղթանակ, 6 պարտութիւն), ապա` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (30 յաղթանակ, 7 պարտութիւն):