Իրաքեան հեղինակութիւն այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանի, խօսելով Իրաքի ներքին քաղաքական տագնապին մասին, շեշտեց. «Պէտք է բոլորը հրաժարին իրենց շահերուն մէկ բաժինէն եւ երկրին շահը գերադասեն»:
«Իրենց պատկերացումը մնացեալին պարտադրելու ոմանց փորձը կը խորացնէ տագնապը», ըսաւ ան:
«Բոլորը պէտք է ներկայ տագնապին լուծում գտնեն բարեկարգութեան քարտէսի հիմամբ», ըսաւ շիի հեղինակութիւնը` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք, որ Իրաքը ինքնիշխան ըլլայ, եւ օտարները անոր որոշումներուն մէջ դերակատարութիւն չունենան»:
Սիսթանի նաեւ յայտնեց. «Վերջին դէպքերը Իրաքի գերիշխանութեան վտանգաւոր ոտնահարում են, եւ իշխանութիւնը Իրաքի հողին վրայ արձանագրուած վերջին յարձակումներուն նկատմամբ իր կեցուածքին մէջ թուլութիւն ցոյց տուաւ»: