Փոխադրութեան անվտանգութեան ամերիկեան գործակալութիւնը յայտարարեց, որ իրանեան քաղաքային թռիչքներու իշխանութիւններէն չորեքշաբթի օր Թեհրանէն թռիչք առնելէ ետք ջախջախուած ուքրանական «Պոյինկ 737-800» ճամբորդատար օդանաւի ջախջախման պատճառները հետաքննելու դիմում մը ստացած է:
Գործակալութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կը շարունակէ օդանաւի ջախջախման շուրջ կացութեան հետեւիլ եւ կը սերտէ հետաքննութեան իր մասնակցութեան մակարդակի հարցը` նշելով, որ ինչպէս ամէն անգամ, գործակալութիւնը օդանաւի ջախջախման պատճառներուն վերաբերեալ ենթադրութիւններ չէ հրապարակած:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան իր կարգին յայտնեց. «Փարիզ պատրաստ է իր փորձառութիւնը ի սպաս դնելու Թեհրանի մէջ ջախջախուած «Պոյինկ» օդանաւի դէպքին քննութեան»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերափիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ ուքրանական օդանաւի ջախջախման պատճառը կրնայ թեքնիք խանգարումը ըլլալ, սակայն անհրաժեշտ է սպասել հետաքննութեան արդիւնքներուն: Ան նշած է, որ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ յոյս յայտնած է, որ «իրանցիները լիարժէքօրէն կը համագործակցին»:
Ան նաեւ նշած է, որ ամերիկացի ժողովուրդը պէտք է իմանայ, եթէ երեւան գայ, որ Իրան աւելի «դաւադիր» քայլի դիմած է:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր ուքրանացի գործընկեր Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խոստացած է, որ Թեհրան ուքրանացի փորձագէտներուն պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ տուեալները` Ուքրանական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւի ջախջախման պատճառները բացայայտելու համար:
Յիշեցնենք, որ Թեհրանի օդակայանէն թռիչք առնելէ ետք դէպի Քիեւ թռչող օդանաւը ջախջախուած էր: Արկածին պատճառով մահացած են 176 անձեր` Իրանի, Ուքրանիոյ, Քանատայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի եւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներ:
Նշենք, որ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ յայտարարած էր, թէ Օթաուան «քանի մը աղբիւրներէ հետախուզական տուեալներ ունի, որոնք կը վկայեն, թէ օդանաւը խոցուած է իրանեան «ցամաք-օդ» հրթիռով: Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն իր կարգին յայտարարած էր, թէ ուքրանական օդանաւը կրնայ ոչ կանխամտածուած կերպով խոցուած ըլլալ իրանեան «ցամաք-օդ» դասի հրթիռով, սակայն նշած էր, թէ պէտք է նախ լայնածաւալ հետաքննութիւն կատարուի:
Իրանի քաղաքային թռիչքներու կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Ապետզատէն հերքած է այն պնդումները, թէ ուքրանական օդանաւը վար առնուած կրնայ ըլլալ: