Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկեց ի նպաստ բանաձեւի մը, որ կը սահմանափակէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններ կատարելու լիազօրութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Բանաձեւը որդեգրուած է 224 թեր (ներառեալ 3 հանրապետականներ) եւ 194 դէմ քուէներով: Քոնկրեսի ստորին պալատը այս օրինագիծով պիտի կարենայ վերահսկել Իրանի հետ տագնապին մէջ Թրամփի գործողութիւնները:
Փաստաթուղթը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կ՛արգիլէ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու սկսիլ նախքան Քոնկրեսին կողմէ հաստատումը:
Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Հոկըն Կիտլի յայտարարեց, որ Սպիտակ տունը չէ գնահատած Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած օրինագիծը: Ան ընդգծեց, որ Թրամփ իրաւունք ունի երկիրն ու ամերիկացիները ահաբեկչական խմբաւորումներէ պաշտպանելու: Անոր կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահի գործողութիւնները աշխարհը աւելի անվտանգ կը դարձնեն:
Կիտլի օրինագիծը կոչած է «սխալմունք» մը, որ պիտի խաթարէ իրանեան «ահաբեկչական գործողութիւնները կանխարգիլելու» երկրի զինեալ ուժերու կարելիութիւնները:
«Ասիկա փորձ է երկրի պաշտպանութեան հարցին մէջ նախագահին խանգարելու: Քոնկրեսի այսպիսի գործողութիւնները ամբողջովին սխալ են», ըսած է Կիտլի: