Սուրիացի գերի Սիտքի Մաքաթ իսրայէլեան բանտի մէջ 32 տարի արգելափակուելէ ետք ազատ արձակուեցաւ: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ անոր առաջին խօսքը «սուրիացիներուն կամքը յաղթեց բռնագրաւումի կամքին» եղած է:
Ան յայտնած է, որ իր ազատ արձակումը առանց նախապայմանի եղած է, շնորհիւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, Ռուսիոյ եւ անոր նախագահին, որոնց թափած ջանքերուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքաթ:
«Կոլանը պիտի ազատագրուի, ինչպէս որ ես ազատեցայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անմիջապէս կ՛ուղղուիմ Կոլան` ամբողջացնելու համար անոր ազատագրման գործողութիւնը»:
Իսրայէլեան ուժերը ազատ արձակեցին նաեւ այլ սուրիացի գերի մը` Ամալ Պու Սալեհը, որ իր կարգին ուղղուեցաւ Կոլան:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իսրայէլացի զինուոր Զաքարիա Պոմելի դիակը ստանձնելէ ետք, համաձայն գտնուած է իբրեւ բարի կամեցողութեան նշան երկու գերիներու ազատ արձակման: