Հայաստանի դատական-տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դատական հայց ներկայացուց Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի դէմ, որ հրապարակային ելոյթներէն մէկուն ընթացքին խօսեցաւ ՀՅԴ-ին մասին եւ զայն անուանեց «ահաբեկչական անցեալով յայտնի ուժ» եւ այլն:
ՀՅԴ-ն դատարանէն կը պահանջէ` պարտաւորեցնել Արման Բաբաջանեանը հրապարակային ներում հայցելու վիրաւորանքին համար:
Գործը հասցէագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Աւագ Գաբրիէլեանին:
Դատական հայցը ներկայացուցած են ՀՅԴ-ի անդամներ Իշխան Սաղաթէլեան, Աշոտ Սիմոնեան, Սիմոն Սիմոնեան, Շաղիկ Մարուխեան, Արմէնուհի Կիւրեղեան, Լիլիթ Գալստեան, Միքայէլ Մանուկեան, Արթուր Խաչատրեան, Յակոբ Մաթիլեան, Տարօն Տօնոյեան եւ Արծուիկ Մինասեան: