Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ Իսրայէլ ոչ մէկ կապ ունի Պաղտատի օդակայանի դէմ Միացեալ Նահանգներու հրթիռային հարուածին հետ, որուն պատճառով սպաննուած էր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին, ուստի Թել Աւիւ պէտք չէ ներգրաւուի Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ տագնապին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, Իսրայէլի վարչապետը այդ մասին յայտարարած է Իսրայէլի անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին:
Նոյն ատեն, ինչպէս կը գրէ աղբիւրը, Նեթանիահու յանձնարարած է կառավարութեան անդամներուն հանդէս գալ Սիւլէյմանիի սպանութեան վերաբերեալ ամերիկամէտ յայտարարութիւններով: