Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Իսրայէլը նկատած է Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» մասնայատուկ ուժերու հրամանատար Քասեմ Սլէյմանիի սպանութեան մեղսակից: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է Յեղափոխական պահակագունդի յայտարարութեան մէջ:
«Այդ յանցագործութեան (Սիւլէյմանիի սպանութիւնը, «Ա.») ծիրին մէջ մենք Իսրայէլը ոչ մէկ ձեւով Միացեալ Նահանգներէն անջատ կը նկատենք», շեշտուած է հաղորդագրութեան մէջ: