Wednesday Jun 19, 2013

ՍԱՐՔԵՐՈՒ, ՆԵԹՊՈՒՔԵՐՈՒ ԵՒ ՆՈԹՊՈՒՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԵՍԱԿԱՆԻ` «ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»-Ի ԿՈՂՄԷ

By adminx - Wed Jan 04, 7:18 am

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ընկերութեան սպասարկման կեդրոններուն մէջ այսուհետեւ կ՛առաջարկուին «Էփըլ» ընկերութեան «Այփետ 2» եւ «Այփոտ» գործիքները, ինչպէս նաեւ կարգ մը առաջնակարգ արտադրողներու («Թոշիպա», «Էյչ. Փի.», «Տել», «Այ. Պի. Էմ.», «Սամսունկ» եւ այլն) նեթպուքերու եւ նոթպուքերու լայն հաւաքածոյ մը:

Wi-Fi-ի կամ եւ 3G ցանցին միջոցով համացանցի մուտք ապահովող «Այփետ 2»-ը շատ յարմար է ընկերային ցանցերուն մէջ հաղորդակցելու, ելեկտրոնային գիրքեր կարդալու, համակարգչային խաղեր խաղալու, համացանցին մէջ շրջելու, ելեկտրոնային նամակներ, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր փոխանակելու համար: Իսկ «Այփոտ»-ի շնորհիւ կարելի է հաճելի երաժշտութիւն ունկնդրել:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement