Դաւիթի աթոռին վրայ ու
Անոր թագաւորութեան վրայ
Անոր իշխանութեան մեծնալուն ու
Խաղաղութեան սահման չկայ,
որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան
իրաւունքով ու արդարութեամբ հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա:
Զօրքերու Տէրոջ նախանձը պիտի ընէ ասիկա:
Եսայեայ 9.7
Խաղաղութեան մաղթանքներով դարձեալ կը դիմաւորենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը: Այս անգամ, սակայն, անխաղաղ վիճակները աւելի խիստ կերպով կը պաշարեն մեզ: Մեր անմիջական շրջանին մէջ` բողոքի, դժգոհանքի, ապստամբութեան եւ յեղափոխութեան արտայայտութիւններով փողոց իջած են ոմանք` իրենց խաղաղութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն պատճառով: Միւս կողմէ` ասոնք կը խանգարեն ամբողջ երկրի ժողովուրդին խաղաղութեան այն փոքր մնացորդը, որով ժողովուրդը կը փորձէ տակաւին պահել իր ապրուստին եւ ապագայի յոյսին փշրանքները: Մինչ Սուրիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուի պատերազմական վիճակը` Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի, Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, Հոնկ Քոնկի, Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւ շատ այլ երկիրներու մէջ` բազմամիլիոն մարդիկ իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերով կ՛իջնեն փողոց` պահանջելու համար կացութիւններու փոփոխութիւն, իրաւունք եւ արդարութիւն: Այդ ընելու ընթացքին` մարդիկ նաեւ կը քանդեն շատ ուրիշներու խաղաղ եւ բնականոն կեանքի ընթացքը: Նաեւ, այս բոլորին տեղեակ կ՛ըլլան բոլորը, լրատուական եւ ե-ցանցերու միջոցով, իրարմէ սորվելով եւ զիրար հրահրելով: Փողոցներ փակելու նստացոյցերէն կ՛անցնինք քայլարշաւներու, որոնց կը հետեւին կաթսաներու զրնգոցով պահանջները, անիւներ եւ ինքնաշարժներ կ՛այրուին, մարդոց ինչքեր կը փճացուին, եւ… վիճակը անխաղաղ է:
Անխաղաղ այս վիճակներուն մէջ` կը յիշենք «Երկինքի բարձրութեան մէջ` Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն» երգող հրեշտակները, որոնք հովիւներուն աւետեցին Փրկիչին ծնունդը: Այդ «մեզի ծնած մանուկ»-ին անուններէն մէկը, «Խաղաղութեան իշխան»-ն է: Եսայի մարգարէն, «մեզի ծնած մանուկին, մեզի տրուած որդիին» անունները յիշելէն ետք` կը շարունակէ իր մարգարէութիւնը ըսելով, թէ` «Անոր … խաղաղութեան սահման չկայ», եւ որ պիտի զօրանայ եւ հաստատուի «իրաւունքով եւ արդարութեամբ»:
Իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջելը բոլորիս պարտականութիւնը կը սեպուի, սակայն զանոնք իրագործելու համար` խաղաղութեան կը կարօտինք: Առանց այդ խաղաղութեան` յոյս չկայ, որ իրաւունք եւ արդարութիւն պիտի իրականանան: Անշուշտ ակնյայտ է նաեւ, թէ ասոնք բռնի չեն իրականանար: Եթէ բռնութեամբ փորձենք հաստատել իրաւունք եւ արդարութիւն, ապա պատճառած կ՛ըլլանք նոր անխաղաղ վիճակներ եւ նոր բռնութիւններու առիթ կու տանք: Նոյնիսկ եթէ հաստատուին ալ` շատ կարճ ժամանակի համար պիտի ըլլայ անոնց գոյութիւնը, եւ պիտի ըլլայ սահմանափակ: Ուստի պէտք է ճանչնանք, թէ «բարեփոխութիւն» պահանջողը ի՛նչ կ՛ըսէ. արդեօք կ՛ըսէ, թէ «իշխանութիւն ունեցողը բաւարար կողոպտեց մարդիկը եւ հիմա իր կա՞րգն է», թէ իրապէս պիտի փոխուի իշխանութիւն բանեցնելու որակը` հաստատելով բոլորին իրաւունքն ու արդարութիւնը: Մարգարէին ըսածը այն է, թէ նոր Թագաւորին իշխանութիւնը եւ խաղաղութիւնը սահման պիտի չունենան:
Խաղաղութեան իշխանին Ս. Ծնունդը կը տօնենք, սակայն կ’անտեսուի շատերու կողմէ. ուրիշներ անոր մէջ կը տեսնեն շուկայական շահու առիթ միայն. տակաւին ուրիշներ, սրտանց տօնել փափաքելով հանդերձ, չեն կրնար «խանձարուրով փաթթուած մանուկէն եւ մսուրէն» անդին նայիլ: Տօնէն անդին նայելու իմաստով հարց տանք. հրեշտակներուն աւետած «Երկինքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»-ը պարզապէս լո՞ւր մըն է երկինքէն ղրկուած, թէ՞ պատուէր մը մարդոց տրուած: Մեր պատասխանն է` թէ՛ աստուածային պատգամ է այս, թէ՛ պատուէր:
Մեր աղօթքը եւ մաղթանքն է որ Բեթղեհէմի մանուկին հաւատացողներ կարենան ընդունիլ, որ իրենց առաւելութիւնն է նախանձախնդիր ըլլալ Աստուծոյ կամքին եւ յանձնառու ըլլալ իրաւունքով եւ արդարութեամբ խաղաղութիւն ընել մեր շրջապատին մէջ, առանց սահմանափակումի, որպէսզի Աստուած միշտ փառաւորուի մեր կեանքի որակով մեր խաղաղութեան մէջ, ինչ ալ ըլլան վիճակները:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան
Յունուար 2020