Լիբանանի ծանր տնտեսական ճգնաժամը ազդած է ամբողջ լիբանանահայութեան եւ անոր համայնքային կառոյցներուն վրայ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթը եւս անմասն չէ մնացած սուր տագնապէն: Այդ պատճառով, թերթը կոչ ուղղած է հայութեան` զօրավիգ կանգնելու անոր դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման: ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն, ընդառաջելով «Ազդակ»-ի կոչին եւ հայ մամուլին յարատեւման համար կատարուած ջանքերուն, «Ազդակ» օրաթերթին կը նուիրէ 1000 (հազար) եւրօ, զօրակցելու համար պատմական թերթի կարիքներուն եւ սատար հանդիսանալու համար անոր անխափան հրատարակութեան` Լիբանանի մէջ: