«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը, կրեց տարեշրջանի իր 27-րդ պարտութիւնը (արձանագրած է միայն 9 յաղթանակ), երբ 99-84 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Մինեսոթա Վուլվզի դաշտէն:
Սան Անթոնիոյի մէջ, Սփըրզ 109-103 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն: Տեմար Տերոզան (Սփըրզ) նշանակեց 30 կէտ:
Նոյնքան կէտ նշանակեց նաեւ Ժերեմի Լեմպ, բայց անոր կազմը` Ինտիանա Փէյսըրզ, 124-116 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Տենվըր Նակեթցէն:
Ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օր տեղի ունեցած մրցումներուն, արեւելեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց իր 31-րդ յաղթանակը (անիկա կրած է միայն 5 պարտութիւն)` 106-104 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Մինեսոթա Վուլվզը: Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 32 կէտ:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց (տարեշրջանի 27-րդը) նաեւ արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (անիկա կրած է 7 պարտութիւն), տասը կէտի տարբերութեամբ` 117-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Ֆէոնիքս Սանզը: Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Լեպրոն Ճէյմս (31 կէտ, 13 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Սանզէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 32 կէտ:
Քարմելօ Անթոնիի նշանակած 26 կէտը բաւարար չեղաւ, որ անոր կազմը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, յաղթանակ արձանագրէ Նիւ Եորք Նիքսի դաշտին վրայ. մրցումը աւարտեցաւ Նիքսի յաղթանակով (117-93):