Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան մեղադրուած է պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յօդուածով:
Սահմանադրական դատարանի եօթը անդամներ դիմած են իրաւասու մարմիններուն` Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի նկատմամբ գործողութիւններ կատարելու ատեն խստիւ պահպանելու սահմանադրական օրէնքի պահանջները:
Սահմանադրական դատարանի կայքին վրայ տեղադրուած է յայտարարութիւն մը, որուն աւարտին նշուած է. «Իրաւասու մարմիններուն կը յորդորենք քրէական վարոյթի շրջագիծին մէջ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի նկատմամբ գործողութիւններ կատարելու ընթացքին խստիւ պահպանել սահմանադրական օրէնքի պահանջները: Անկախ ստեղծուած իրավիճակէն` կ՛աշխատինք բնականոն հունով, հաւատարիմ մնալով Սահմանադրական դատարանի դատաւորի բարձր կոչման, շարունակելով ապահովել Սահմանադրութեան գերակայութիւնը, գործելով անկախ եւ անաչառ»:
Յայտարարութեան տակ ստորագրած են Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Ալվինա Գիւլումեան, Արեւիկ Պետրոսեան, Արման Դիլանեան, Հրանդ Նազարեան, Աշոտ Խաչատրեան, Արայիկ Թունեան եւ Ֆելիքս Թոխեան: