Դասական ճատրակի աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի յաղթանակով աւարտեցաւ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Ան առաւելագոյն 15 կէտէն 11,5 կէտ ապահովելով երրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեան: Ան նաեւ կայծակնային ճատրակի աշխարհի քառակի ախոյեան է:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 10 կէտով գրաւեց 5-րդ դիրքը: Ան այս մրցաշարքին պարտութիւն կրեց միայն Քարլսընէն:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն Հրանդ Մելքումեան 9,5 կէտով գրաւեց 18-րդ դիրքը, Գաբրիէլ Սարգսեան, հանդիսացաւ 54-րդ (8,5 կէտ), Զաւէն Անդրէասեան` 71-րդ (8 կէտ), Մանուէլ Պետրոսեան` 75-րդ (8 կէտ), Արման Փաշիկեան` 108-րդ (7,5 կէտ), իսկ Տիգրան Պետրոսեան` 161-րդ (6,5 կէտ):