Կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը կը շարունակուի: Վարչապետ Հասսան Տիապ արդէն իսկ հասած է նախարարներուն ինքնութիւնը ճշդելու փուլին:
Ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի նախարարները ըլլան պարկեշտ եւ մասնագէտ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ըլլան անկուսակցական անհատներ` բացառելով նաեւ ներկայ երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարի պաշտօններ ստանձնած անձնաւորութիւնները:
Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներուն թափը համեմատաբար աւելի զարգացաւ անցեալ շաբաթավերջին, երբ շաբաթ յետմիջօրէին ցուցարարներ Թրիփոլիէն 11 փոխադրակառքերով ուղղուեցան Պէյրութ, Թալլեթ Խայեաթ` բողոքի ցոյց մը կատարելու վարչապետ Տիապի բնակարանին դիմաց եւ պահանջելու անկէ, որ հրաժարի կառավարութիւն կազմելու իր պարտականութենէն:
Ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փակեցին Տիապի տունը տանող ճամբաները:
Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին ցուցարարները դարձեալ համախմբուեցան Տիապի բնակարանին առջեւ:
Աւելցնենք, որ երէկ Պէյրութի ժողովրդային համախմբումը բաց նամակ մը յղեց Տիապին` անկէ պահանջելով ընդառաջել ժողովրդային շարժումի պահանջներուն` երկրին մէջ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական արտակարգ իրավիճակ յայտարարելով եւ վաւերացնելով այն օրէնքը, որուն հիման վրայ հարցաքննութեան կը կանչուին բոլոր անոնք, որոնք հանրութեան գումարները իւրացուցած են:
Պէտք է նշել նաեւ, որ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի հետ Հասսան Տիապի հանդիպումը եղած է դրական, քննարկուած են նախարարութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Մոհամետ Շքէյրի Բնակարանին Դիմաց Բախումներ
Ժողովրդային շարժումը երէկ ուղղուեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Շքէյրի բնակարանը, Համրա:
Ցուցարարներուն եւ Շքէյրի անձնական ապահովութեան հսկող ոստիկաններուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, երբ երիտասարդ ցուցարարները փորձեցին շէնք ներխուժել:
Յետմիջօրէին Շքէյրի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր բնակած շէնքը մուտք գործելը շէնքին եւ բնակիչներուն վրայ յարձակումի համազօր է:
Ան նշեց, որ անհիմն ամբաստանութիւններու արձակումը եւ հանրային կարծիքին մօտ այլոց պատկերին աղաւաղումն ու մարդոց վարկաբեկումը փտածութեան վատագոյն տարբերակը կը նկատուի:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ կատարուեցաւ «Իւրացուած գումարներու վերադարձի կիրակի» անունը կրող ցոյց մը:
Ժողովրդային շարժումը շաբաթ օր Նապաթիէի մէջ տարբեր խումբերով շրջեցաւ շրջանին դրամատուները եւ անոնց դիմաց բարձրացուց պաստառ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր. «Բա՛ւ է գողնաք»: Ցուցարարները սպառնացին իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները չկատարել:
ՆՇԵՆՔ, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին մեկնեցաւ Փարիզ, ուր ան քանի մը օրուան ընտանեկան արձակուրդ մը պիտի ունենայ: