ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
Թրքալեզու երկիրներու վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ, 15 հոկտեմբեր 2019-ին, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները կատարեցին հակահայ թշնամական յայտարարութիւններ: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարեց, որ Զանգեզուրը (Սիւնիքը) պատմականօրէն Ազրպէյճան է, եւ անոր փոխանցումը Հայաստանին` պատճառ դարձած է թրքական աշխարհի բաժանման: Իր կարգին, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան իր լաւագոյնը պիտի կատարէ` ապահովելու Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը:
Այս զոյգ յայտարարութիւնները յատուկ զգայնութիւն չյառաջացուցին հայութեան մէջ: Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, համայն հայութիւնը մնաց բազմազբաղ իր ներքին հարցերով: Ամուլսարի գործարկման իրավիճակ, Իսթամպուլեան հռչակագիրի ընդունման տեսակէտներու բախում, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայոց լեզուն պարտադիր կարգավիճակէն դուրս բերելու բանավէճ, Երեւան քաղաքի աղբահաւաքման մեքենաներու նուիրատուութեան ոչ օրինական գործընթաց եւ, անշուշտ, երկրորդ նախագահի դատավարութիւն, երրորդ նախագահի ձերբակալման պահանջ, առաջին նախագահի սխալներու հանդէպ իշխանութեան ցուցաբերած անտեղի ներողամիտ վերաբերմունք:
Այս բոլորը, ինչպէս նաեւ ներքին մեծ ու փոքր այլ հարցեր, յաճախ` արhեստական ու շինծու, գերակշռեցին Ալիեւի եւ Էրտողանի յայտարարութիւնները, որոնք միմիայն կը միտին Հայաստանի ու հայութեան գերեզմանի հորատման:
Երբ Ազրպէյճան անդադար կրակոցներու ճամբով պատերազմական իրավիճակ կը ստեղծէ
հայ-ազրպէյճանական ամբողջ սահմանին երկարութեամբ, եւ Թուրքիան իր զօրքերով արդէն իսկ գրաւման ենթարկած է հիւսիսային Սուրիան, իրաւունք չունինք չկասկածելու, թէ թրքական զօրքերը պաշտօնապէս իրենց զինուորական հակակշիռին տակ պիտի չառնեն Նախիջեւանը եւ զօրակցին Ազրպէյճանին, որ ան գրաւէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն հսկայական տարածքներ: Չմոռնանք յիշելու, որ Թուրքիան իր յարձակողապաշտ ռազմավարութեամբ գրաւման տակ կը պահէ հիւսիսային Կիպրոսը` 1974-էն սկսեալ եւ յաճախակի կերպով կտրած է Իրաքի սահմանները` «դաս» տալու Իրաքի քիւրտերուն:
Այս իրողութեան դէմ յանդիման` հայ պատմաբանները, քաղաքագէտները եւ քաղաքական փորձագէտները յաճախակի հանդէս պէտք է գան բացատրելու եւ հաստատելու, որ Նախիջեւանը Հայաստան է, ինչպէս որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնն են: Այս բացատրութիւններով պէտք է հրաւիրենք Ռուսիոյ եւ Իրանի ուշադրութիւնը Նախիջեւանի շատ կարեւոր ռազմաքաղաքական իրավիճակին ուղղութեամբ եւ ահազանգել Թուրքիոյ կողմէ Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ Զանգեզուրի ուղղութեամբ կատարուող հողային նկրտումներու մասին:
Իրականութեան մէջ Նախիջեւանի Զանգեզուրի եւ Արցախի գաւումով Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կը միտին միացեալ թրքական աշխարհի ճամբով շրջափակել Ռուսիան հարաւէն, իսկ Իրանը` հիւսիսէն: Որքանով որ Նախիջեւանը հայկական հակակշիռի տակ մնալը հայութեան համար օգտակար է, այդ շատ աւելիով օգտակար է Իրանի եւ Ռուսիոյ համար: Տեսնենք, թէ ե՞րբ Իրանն ու Ռուսիան դաս առնելով Թուրքիայէն` պիտի գիտակցին եւ տէր կանգնին իրենց ազգային շահերուն:
Յ. Գ.- Քանի մը ամիսներէ ի վեր մտատանջումի մէջ էի, որ Հայաստանին կը սպառնայ օրհասական արտաքին լուրջ վտանգ: Տարբեր առիթներով որոշեցի բաժնեկից դարձնել Դիմատետրի ընկերներս իմ մտահոգութեանց, բայց միշտ ալ յետաձգած եմ զայն` ժամանակը անյարմար գտնելուս պատճառով: Այս անգամ որոշեցի Նոր տարին մուտք չգործած` մտահոգութիւնս բարձրաձայնել: Ներողամիտ եղէք, եթէ ձեր Նոր տարուան ուրախ մթնոլորտը խանգարեցի: