Ճափոնական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ նկատի ունենալով փոփոխական կացութիւնը, մարտանաւեր եւ օդանաւեր Միջին Արեւելք կ՛ուղարկէ` պաշտպանելու համար այդտեղ նաւարկող իր նաւերը:
Ճափոնական կառավարութիւնը այդ որոշումը տուած է` նկատի ունենալով անկայուն վիճակը Միջին Արեւելքի մէջ, ուրկէ Ճափոն կը ներածէ իր հում քարիւղի շուրջ 90 առ հարիւրը:
Կ՛ուղարկուին ուղղաթիռներ կրող մարտանաւ մը եւ «Փի-3Սի» տիպի հսկողութեան օդանաւ մը` շրջանէն անցնող ճափոնական նաւերուն համար անվտանգ անցքերու ապահովման համար տեղեկահաւաք կատարելու համար:
Որեւէ արտակարգ զարգացման պարագային Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարը կրնայ ճափոնական ուժերուն արտօնել ուժ կիրարկել` պաշտպանելու համար վտանգուած նաւերը:
Ըստ Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատարի մը, ճափոնական կառավարութիւնը մտադիր է պաշտպանութեան օդանաւերու գործողութիւնը սկսիլ յառաջիկայ ամիս, իսկ մարտանաւը շրջանին մէջ իր առաքելութեան կը սկսի փետրուարին:
Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ ամիս ֆրանսական մարտանաւերու ժամանումով ընթացք պիտի առնէ Ծոցի շրջանին մէջ նաւարկումի ճամբաները պաշտպանելու եւրոպական գործողութիւն մը: