Ընթացիկ տարուան սկիզբը ամանորեան մթնոլորտի մէջ «Ազդակ-բացառիկ»-ի ներկայացումն ու ապագայ լրագրողներու առաջին շրջանաւարտ խումբի աւարտական հանդիպումը համատեղուեցան: Բացառիկի բովանդակութեան մասին զեկուցումներ, անոնցմէ բխած իրականանալի անհրաժեշտ աշխատանքներու նշումներ, որմէ ետք ապագայ լրագրողներու անցած դասախօսական-գործնական ուղիի պարզաբանում եւ մանաւանդ ապագայ լրագրողները ներկայ երիտասարդ աշխատակիցներ կարգավիճակի փոփոխութեան կարեւորութեան մասին շեշտադրումներ:
Նպատակը խորքին մէջ երիտասարդ աշխատակիցներ պատրաստելն էր այս ծրագիրին: Արդարեւ, տարուան ընթացքին «Ազդակ»-ի ընթերցողները հանդիպեցան երիտասարդ անուններու, որոնք ուսումնասիրութեան, թղթակցութեան թէ երեւոյթներ վերլուծելու իրենց առաջին փորձերով ուշադրութիւն գրաւեցին:
Երիտասարդ աշխատակիցները ամբողջովին չեն տրամադրուած «Ազդակ»-ին եւ իբրեւ այդպիսին մաս չեն կազմեր «Ազդակ»-ի անձնակազմին: Անոնք ունին տարբեր մասնագիտութիւններ, հետեւաբար նաեւ տարբեր ասպարէզներ: Սակայն պարբերական աշխատակցութեամբ զգալի կը դարձնեն իրենց ներկայութիւնը «Ազդակ»-ի էջերուն:
Այս ծրագիրը կը շարունակուի, եւ ընթերցողները շաբաթական հերթականութեամբ կը հետեւին ապագայ լրագրողներու երկրորդ խումբի տեսական եւ գործնական աշխատանքներուն:
Յաւակնութիւնը չունինք անշուշտ արձանագրելու, որ «Ազդակ» իր այս նախաձեռնութեամբ յաջողեցաւ երիտասարդ տարրի ներգրաւում ապահովել թերթին: Բայց, որ նոր շունչ հաղորդուեցաւ այս ձեւով, անկասկած: Նաեւ` յաջողեցանք երիտասարդներու խմբակ մը կապուած պահել թերթին, նախ խմբագրական աշխատանքներուն եւ հայկական նիւթերուն ծանօթանալով, ապա նաեւ աշխատակցելով:
Այս ուղղութիւնը պէտք է շարունակէ գերակայ նշանակութիւն ունենալ մեր խմբագրական քաղաքականութեան համար: Տեսականօրէն մենք գտանք անհրաժեշտութիւն տարիքային այս խաւը նախորդող մանկապատանեկան յաւելուածին շուրջ հաւաքուած իրերայաջորդ ընթերցող լսարաններէն կազմել խմբագրական խումբեր: «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի առաջին մրցանակները շահածները իրենց մասնագիտական ուսումը աւարտած են արդէն եւ տարբեր ասպարէզներ ընտրած: Մրցանակակիր սերունդներու համախմբում մը թերթի յարկին տակ կրնայ օգտակար ըլլալ թերթին շուրջ երիտասարդ ընթերցող-աշխատակից երեւոյթ ձեւաւորելու առաջադրանքի իրականացման համար:
Նոյն հետեւողականութիւնը հաւանաբար կարելի է որդեգրել ապագայ լրագրողներու ծրագիրին մասնակցածներուն համար: Երկրորդ խումբին վերապահուած ծրագիրի աւարտէն ետք շուրջ երկու տասնեակ երիտասարդ աշխատակիցներու խումբ մը կրնայ ուշագրաւ ներկայութիւն ըլլալ թերթի էջերուն մէջ:
Այս աշխատանքներուն համար աշակերտական թերթերը նկատելի հիմք կրնան ծառայել: Դպրոցներուն մէջ է, ուր լրագրողական առաջին ծիլերը կ՛երեւան: Խնամելը, ծաղկեցնելը եւ օգտակար հանրային առաջադրանքին ծառայեցնելը մեր պարտականութիւնը կը սեպենք:
Հաւաքագրուող երիտասարդ տարրերուն մէջ բացի խմբագրական հմտութենէն կան նաեւ արուեստի հակում ունեցողներ, իրենց երախայրիքը ներկայացնելու պատրաստ երիտասարդներ: «Ազդակ» իրը սեպեց նաեւ նման հմտութիւն ունեցողներուն արուեստի նմուշներու հանրայնացման պարտականութիւնը` ցուցահանդէսի տեսքով:
Թերթի կոչերուն ընդառաջ «Ազդակ»-ի յարկին տակ ինքզինք հարազատ զգացող ոեւէ երիտասարդ գուրգուրանքի արժանի է մեր կողմէ: Արժէք եւ մանաւանդ հեռանկար: Ինք ապագայ լրագրող չէ միայն. ինք թերթին ապագան է:
«Ա.»