Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապը: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ վերջին շրջանին պատահածը մեծագոյն փաստն է բանակի պատրաստակամութեան անհրաժեշտութեան եւ ցոյց կու տայ, որ բանակը` իր զինուորներով եւ սպաներով, զոհողութիւններ կատարած է:
Պու Սաապ յայտարարեց, որ սպաներուն զինուորական աստիճանի բարձրացումին ժամանակը հասած է` յոյս յայտնելով, որ հարցեր չըլլան հրամանագիրներու գծով: Ան նշեց, որ կայ հարց գնդապետները գնդապետ-զօրավարներու աստիճանի բարձրացնելու առնչութեամբ` բացատրելով, որ դժբախտաբար կայ համայնքային անհաւասարակշռութիւն` գնդապետներու զինուորական աստիճանի բարձրացումի հարցին մէջ: Պու Սաապ նշեց, որ ինք առաջարկած է այս տարի թիւը նուազեցնել, եւ յաջորդ տարիներուն մնացեալ գնդապետներուն աստիճանները բարձրացնել:
Պու Սաապ բացատրեց, որ զինուորական աստիճաններու առկախ բարձրացումները կը ներառեն Ներքին ապահովութեան, Ընդհանուր ապահովութեան եւ Պետական ապահովութեան ուժերը: Ան յոյս յայտնեց, որ ապահովական եւ զինուորական մարմինները չտուժեն:
«Տեղեկացայ, որ մինչեւ այս պահը որոշումը այն է, որ պիտի չստորագրուի հրամանագիր, որ գնդապետներուն զինուորական աստիճանները կը բարձրացնէ, եւ ես այլ ընտրանք չունիմ, բացի հրամանագիրը ղրկելէ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւն` պահպանելու համար այդ սպաներուն իրաւունքը», շեշտեց Պու Սաապ: